2012-06-07 12:19:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Անգլիոյ Թագուհի` Եղիսաբէթ Բ-ի Գահակալութեան 60 Ամեակի Առթիւ։


Անցեալ 23 մայիսին Անգլիոյ Թագուհի Եղիսաբէթ Բ- գահակալութեան 60 ամեակի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Արբազան Հայրը պատգամ մը յղած է որուն մէջ արտայայտած է իր խնդակցութիւնը ադամանդեան այս յոբելեանի առթիւ։
Այս 60 տարիներու ընթացքին - գրած է Քահանայապետը - Մեծն Պրիտանիոյ եւ աշխարհին համար Դուք եղաք նուիրածութեան ու պարտաճանաչութեան ոգեւորիչ օրինակ մը ու յանձառումով պաշտպան կանգնեցաք ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունգներուն` քրիստոնեայ գերիշխանի մը ազնուական տեսակէտով։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշած է 2010-ի սեպտեմբերին Մեծն Պրիտանիա կատարած իր առաքելական Ճամբորդութեան ընթացքին Էտինպուրկի մէջ Եղիսաբէթ Թագուհիի ջերմ հիւրնկալութիւնը ու պատգամը եզրափակեց ակնարկելով Թագուհիին համագործակցութեան եւ տարբեր կրօններու աւանդութիւններու պատկանող հաւատացեալներու միջեւ փոխադարձ հարգանք հաստատելու անձնական յանձնառումին որ մեծապէս օժանդակած է համամիութենական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու բարելաւումին։ Հուսկ Աստուծոյ հովանաւորութեան յանձնեց թագաւորական ընտանիքը յայտնելով բարեկեցութեան իր սրտագին մաղթանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.